ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ
Եշիլգիւղի վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ փայլուն հանդէսով մը։ Շրջանաւարտութեան արարողութիւնը առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան՝ մինչ Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչներն ալ ուրախակից էին թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ անոնց ծնողներուն։