ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնի առթիւ Գումգաբուի մէջ ընդունեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներն ու իրենց ընկերակիցները, որոնք փոխանցեցին իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս տարեմուտի ոգեւորութիւնը գագաթնակէտին հասաւ Սուրբ Ծնունդով:
Պէյօղլուի ընտանիքը մեծ հրճուանքով տօնախմբեց Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տօնակտարութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, որ վերջին տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հաստատուած է, իսկ ներկայ տարեմուտին կ՚այցելէ քաղաքս։
Տէր Յիսուս Քրիստոսի կեանքի կարեւորագոյն երկու դէպքերը միասնաբար կը տօնենք որպէս Աստուածայայտնութեան տօն. Տէր Յիսուսի սրբալոյս ծնունդը ի Բեթղեհէմ եւ իր Աստուածընկալ Մկրտութիւնը ի Յորդանան գետ: Երկուքն ալ զարմանք առաջացնելու չափ խոնարհ պայմաններու ներքեւ իրականացած են:
Պաքըրգիւղի ընտանիքին տարեմուտի խանդավառութիւնը բնորոշուեցաւ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած համերգներով, որոնք բացառիկ բարձր տրամադրութեան առարկայ դարձան։
Երէկ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տարեմուտի առթիւ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Թադէոս Գարափեքմէզի։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տարեմուտը բնորոշուեցաւ աւանդական խանդավառութեամբ։ Մանկապարտէզի սաներու ժպիտները, ամանորեան երգերն ու արտասանութիւնները այնքան յաջող էին, որ բոլորին տարեմուտի տրամադրութիւնները պայմանաւորեցին։
Շաբաթ կէսօրուան ժամերուն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ համայնքային գործիչ եւ բարերար Արման Փոլատի յուղարկաւորութիւնը։