ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԸ ԵՐԷԿ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ փայլուն տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Հոգեգալստեան օրը կը կատարուի նաեւ մեր այս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։