ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Մանկապարտէզի երկու փուլերու տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց գործադրած յայտագրերով, որոնք կ՚ընդգրկէին արտասանութիւններ, պարեր, թատերակներ եւ նուագներ։