Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵՐՍԻՆԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ հիւրընկալեց Մերսինի Թոմրիս Նատիր Մութրի ուղղափառ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Ճան Արաբը, որուն կ՚ընկերանային RUMVADER-ի ընդհանուր քարտուղար Տ. Տիմիթրի Աւ. Քհնյ. Մայօղլու։

ՌՈՆԻ ՄՈՒՐԱՏՕՂԼՈՒԻ ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Ռոնի Մուրատօղլու կրթական կեանքէն ներս փայլուն նուաճումներ արձանագրելով՝ կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։

ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտները յաջորդ շաբաթավերջին վերստին պիտի համախմբուին եւ այս ուղղութեամբ կազմակերպչական աշխատանքները ընթացքի մէջ են։

«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։
Ուսուցչուհի Տօնարա Պէպուրեանի սաները հանդէսի ընթացքին խմբերգներով եւ բանաստեղծութիւններով փառաբանեցին Մեսրոպեան այբուբենը։

ԼԻՍԷԱԿԱՆ ՍԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ

Կը տեղեկանանք, որ այս ուրբաթ համայնքային հինգ լիսէներու աշակերտութեանց համար նախատեսուած է պտոյտ մը։ Երբ 2022-2023 կրթական շրջանը կը մօտենայ իր աւարտին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Լենա Ենիեորկանի նախաձեռնութեամբ նախատեսուած է շրջագայութիւն մը՝ դէպի Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր եկեղեցիները։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներս, անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Հանդէսին մասնակցեցան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մխճըօղլու, Սամաթիոյ ընտանիքէն վարիչներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՈԳԵՒՈՐ ՕՐԸ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Դպրոցի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները համախմբեց այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ

Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբին համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մօտաւոր անցեալին դիմագրաւած ծանր վերիվայրումներէն վերջ, այս համերգը նոր էջ մը բնորոշեց ընդհանուր գործունէութեան տեսակէտէ։

Էջեր