Թրքահայ կեանք

ԱՆԴՈՒՆԴԷՆ ՀԵՌՈՒ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 28 հոկտեմբերի խմբագրականը ահազանգային է: Խնդիրը յայտնապէս դասական մամուլին դիմագրաւած դասական տագնապէն աւելին է: Թերթը յատկապէս՝ համայնքային թերթը, բնականաբար կարեւոր մասամբ կ՚ապրի համայնքային կառոյցներու նեցուկով, աջակցութեամբ:

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին խնամակալները տեղեկացուցին, որ յաջորդ շաբթուայ մէջ Գարակէօզեանի համալիրէն ներս նախատեսուած է ընդունելութիւն մը, որուն հրաւիրուած է նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։

ՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒՇԵԱՆ

Տասնեւութնամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Առաքելական Սրբոյ Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, երբեմնի հոգեւոր հովուին Գնալը կղզիի եւ Ղալաթիոյ սուրբ եկեղեցեաց, այժմու քարոզչին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ, ատենապետին՝ Պատկ. Կրօնական ժողովոյ, դիւանապետին եւ լուսարարապետին Պատրիարքական Աթոռոյ փոխեցաւ առ Աստուած ի յոյս կենացն յաւիտենից ընդ հովանեաւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի ազգիս հայոց յամին 2021, ի 14ն նոյեմբերի յաւուրն Միաշաբաթի, ի ժամու երեկոյեան, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։

ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Էրտողան եւ Սոյլու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցեցան՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման առթիւ:
Կրօնական ժողովի ատենապետին անժամանակ կորուստը յառաջացուցած է զգացական ցնցում եւ լայն արձագանգ:

ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ

Անողոք հիւանդութիւն. Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ողբերգական ու ցաւալի վախճան:
Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան ի տէր հանգաւ՝ խոր սուգի մատնելով մեր համայնքի հաւատացեալները:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՁՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին հերթական անգամ մէկտեղուեցաւ մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած պասքեթպոլի ձմրան դասընթացին։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԱՍՈՐՒՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին շատ յատկանշական այցելութիւն մը կատարեց՝ արժեւորելով ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու Հանրապետական շրջանի ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մին։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Ասորւոց նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարութիւնը, որ բաւական յառաջացած է։

ՍԻՊԻԼԻ ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

Մեներգչուհի Սիպիլ այս շրջանին դարձեալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին է։ Կը տեղեկանանք, որ վաղը երեկոյեան ժամերուն ալ հանդէս պիտի գայ «Artı» առցանց հեռուստակայանէն։ Ժամը՝ 20.00-ին պիտի սփռուի իր հետ կատարուած հարցազրոյց մը, զոր վարած է Լեւենտ Իւզիւմճիւ։

ՍԱՌԱ ՊԱՐԸՆԻ ՎԵՐԵԼՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր արժէքաւոր իրաւաբաններէն Սառա Պարըն փայլուն վերելք կ՚արձանագրէ ասպարէզին մէջ։ Սառա Պարըն, որ կ՚աշխատի Լոնտոնի մէջ, վերջերս արժանի դասուած է մաս կազմելու լաւագոյն փաստաբաններու ցուցակին վրայ։

Էջեր