Թրքահայ կեանք

ՀԱՄԵՐԳԻ ՍԵՄԻՆ ՓՈՐՁ

Երաժշտասէրները արդէն անհամբերութեամբ կը սպասեն այս չորեքշաբթի երեկոյեան՝ Հարպիյէի CRR համերգասրահին մէջ նախատեսուած Սիպիլի մեծ համերգին։ Երկար ժամանակ վերջ համակրելի մեներգչուհին Իսթանպուլի մէջ հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Եշիլգիւղի վրայ։ Այսպէս, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երիտասարդական փայլուն համերգ մը։ Սա «Մենք երգ ենք» համերգաշարի հերթական փուլն էր, որ բացառիկ իմաստ ստացաւ՝ զուգադիպած ըլլալով տարեմուտին։

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՎԵՐՅԻՇԵՑ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖԷՆՏԻ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԸ

Գարակէօզեան Տան ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ երախտաշատ ազգային բարերար Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանը։ Առաւօտուն, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԵՏԱՁԳԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԱԶՄՈՒԵՑԱՒ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի յետաձգեալ ընտրութեան կազմակերպման համար երէկ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ լայն արձագանգ գտաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այսպէս, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան տեղին ներգործութեամբ յետաձգուած ընտրութիւններէն վերջ, այդ նոյն պետական կառոյցի տնօրինութեամբ, երէկուան դրութեամբ պաշտօնի կոչուեցաւ նոր ընտրական մարմին մը։

ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆԻ Ս. ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ Կաթոլիկ եպիսկոպոսներու ժողովին մասնակիցները։ Գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունեց քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ գործակից ընկերները։ Ատենապետ Էօզֆուրունճու թէեւ համայնքային կեանքէն ներս փորձառու դէմք մըն է, սակայն, այժմ կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդի նորընտիր կազմը:

Էջեր