ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՒՐԱՏԱՆ ՄԷՋ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՀՐԴԵՀ. 2 ԶՈՀ
Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ երէկ երեկոյեան ծագեցաւ սարսափելի հրդեհ մը, որ դժբախտաբար խլեց երկու զոհ։ «Անատոլու» գործակալութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս դէպքին, որ համայնքային շրջանակներէն ներս ալ խոր ցաւ յառաջացուց։ Իսթանպուլի հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտեց դէպքին՝ մինչ թրամվայի գծի երթեւեկն ալ ընդհատուեցաւ։