ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ շարք մը հաւաքոյթներու, որոնք կազմակերպուած էին Գերմանիոյ նախկին նախագահներէն Քրիստիան Վիլհելմ Վալթեր Վուլֆի Իսթանպուլ այցելութեան առթիւ։ Նախկին նախագահը կիրակի երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինի կողմէ։