Թրքահայ կեանք

ՖՈՒԹՊՈԼԱՍԷՐՆԵՐԷՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մելքոն Թաշճըօղլուի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Հանգուցեալը մարզասէր շրջանակներէ ներս համբաւ կը վայելէր՝ որպէս «Վեֆա» մարզակումբի թունդ համակիր։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Պատրիարքական Աթոռը վերջերս հանրութեան ուշադրութեան յանձնած էր, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրամանաւ ու օրհնութեամբ լոյս տեսած էր «Աստուածաշունչէն - Kitab-ı Mukaddes’ten - From The Holy Bible» գեղատիպ հատորը, որ ձօնուած էր Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակի յոբելեանին։
Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձին եւ Սուրբ Էջմիածնի տօներուն յաջորդող բարեբաստիկ շրջանին աշխատութիւնը կ՚որակուէր՝ որպէս հայատառ Ս. Գիրքին մատուցուած ծառայութիւն։ 

ԱՆՇՐՋԱԴԱՐՁԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐ

Համայնքային վարիչները խտացեալ ջանքերով կը ձգտին փոխըմբռնումի մը հասնիլ՝ պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու ապագան երաշխաւորելու ուղղութեամբ:
Համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած երկար ընդհատումէ մը վերջ, երէկ երեկոյեան ERVAB ժողով մը գումարեց Ֆէրիգիւղի մէջ: Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը միշտ կը պայքարի:

ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒԻ ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԸ

Ս.Փ. Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ԹՎՄ-ի (ERVAB) երէկուան ժողովի բացման հանդէս եկաւ հետեւեալ ելոյթով։
                              *
Pandemi tedbirleri koşullarında aşamalı olarak normalleşme sürecine girdiğimiz mevcut dönemde uzun bir aradan sonra ilk kez geniş katılımlı olarak bir ERVAB toplantısı düzenleyebilmiş olmanın mutluluğunu yaşıyoruz.

ՄԱՀ՝ ԵՒԱ ՍԱՆԹԱԼՈՒԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած եւ յարգուած դէմքերէն մին. ոչ եւս է Եւա Սանթալու։ Երկար ժամանակէ ի վեր ան կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ եւ վերջին շրջանին բաւական ծանրացած էր կացութիւնը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ 

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի ուղեկցութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծանօթացաւ եկեղեցիէն ներս վերջերս իրականացուած բարենորոգման աշխատանքներու արդիւնքին։

ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այսօր մեր համայնքային շրջանակներուն ուղղեալ կարեւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու անդամներէն Դաւիթ Տամլան։

Էջեր