DUYURU
Özellikle Beyoğlu Üç Horan Kilisesi Vakfı ve Büyükdere Sırpots Hripsimyants Kilisesi Vakfı seçim tertip heyetleriyle ilgili ciddi suistimal ithamları cemaatimizin birinci gündem maddesine dönüşmüştür.
Özellikle Beyoğlu Üç Horan Kilisesi Vakfı ve Büyükdere Sırpots Hripsimyants Kilisesi Vakfı seçim tertip heyetleriyle ilgili ciddi suistimal ithamları cemaatimizin birinci gündem maddesine dönüşmüştür.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց համայնքային յայտնի բարերար Ճեզօ Թաշը։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց երկար տարիներէ ի վեր Ճեզօ Թաշին կողմէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բերուած նպաստը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գալֆաեան Տան Է. դասարանի սաներէն Եուլիանա Էրտէմ վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ «Lions 118-T» համաշխարհային ակումբին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը մէջ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած է արժէքաւոր երիտասարդներէ բաղկացեալ խումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճի:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ իր օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, որոնք այցելեցին Գումգաբու:
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան վերաբերեալ գործընթացը կը շարունակէ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այժմու թաղային խորհուրդը կազմած է ինքնուրոյն ընտրական մարմին մը, որու գրեթէ բոլոր անդամները մեր համայնքէն դուրս դէմքեր են։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի ներկայացուցիչներէն մին՝ Իրմա Հատկալուրեան։ Իր ընկերային շրջանակէն ներս յարգանքի եւ սիրոյ առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր Իրմա Հատկալուրեան, որ Գատըգիւղի ընտանիքի մօտաւոր անցեալի յայտնի դէմքերէն մին եղած էր։
Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններէն ներս երէկ քուէատուփի մօտ փութաց 3 հազար 607 հոգի:
Համայնքային ընտրութիւններուն հերթական փուլը:
Ռումելիհիսարի եւ Պալաթի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն ղեկը վստահուեցաւ կապոյտ ցուցակներուն: Սկիւտարի Ս. Կարապետ եւ Գուզկունճուքի եկեղեցիներուն մէջ գործի գլուխ եկաւ նոյն կազմը:
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի, որուն կ՚ընկերանային Նուարդ Պարըն, Սիւզան Քըզըլքայա, Շիլա Մուրատօղլու-Պոշնաքեան եւ Սարվէն Սըրատաղ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այս շրջանին ամբողջութեամբ կ՚ուղղորդուի համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութիւններով։ Վաղը պիտի ըլլայ հերթական կիրակին, երբ մեր համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ պիտի փութան՝ այս անգամ 10 կառոյցի մատակարար մարմնի նոր կազմը ընտրելու համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի անդամները։