ՍԱՐԻՆ ՊԱՅԾԱՌ ԱՐՍԼԱՆ ԴԷՊԻ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Մեր համայնքէն Սարին Պայծառ Արսլան յաջողութեամբ աւարտած է «Մետիփոլ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէն։ Ան Պաղճըլարի համանուն հիւանդանոցէն ներս ասպարէզի առաջին քայլերը առած է՝ ներքին հիւանդութեանց ուղղութեամբ։
Համայնքային շրջանակները այս շրջանին կ՚ողջունեն մեր երիտասարդներէն Թալիա Արապօղլուի յաջողութիւնը. ան աւարտած է «Հալիչ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց ճարտարապետ Վազգէն Պարընը, որ այս շրջանին կը զբաղի հոգելոյս Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի շիրմի նախագծմամբ ու պատրաստութեամբ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլի նուիրատուութեամբ՝ ծրագրիրը կը համակարգուի Արի Չոլաքի կողմէ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ Կիւլմէզկիլ ընտանիքին։
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Գիտելիքի կամուրջ» ծրագիրը արդէն ընթացքի մէջ է Երեւանէ ներս։
«Հայ Եկեղեցին միայն Հայաստանի եկեղեցին չէ։ Այսօր իշխանութիւնները կ՚ուզեն կաթողիկոսը փոխել։ Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որովհետեւ եթէ անգամ մը այդ ճանապարհը բացուի, ապա ապագային մէջէն դուրս գալ կարելի չ՚ըլլար։ Շատ դժուար է տարանջատել Ամենայն Հայոց Հայրապետի անձն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը»:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ յառաջիկայ աշնան կը նախատեսէ այցելել կարգ մը նախարարութիւններ։ Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով ան յայտնեց, որ եթէ համայնքային հարցերու պարագային աշխարհական վարիչներու կողմէ պատրաստուին թղթածրարներ, ապա ինք պատրաստ է զանոնք պատկան իշխանութիւններուն ներկայացնելու։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութիւնը անցած է արդիւնաւէտ։ Թէ՛ Արեւմտեան եւ թէ Արեւելեան ափին նախկին պոլսահայերը ջերմօրէն ողջունած են զինքը։