ԹԱԹԻԱՆԱ ՊՈՍՏԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՁՕՆՈՒԱԾ ԱՌՑԱՆՑ ԵԶԱԿԻ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ
Համակրելի մեներգչուհի Թաթիանա Պոստան մասնակցութիւն բերաւ առցանց եզակի ծրագրի մը, որ կը կոչուի՝ «Իսթանպուլի ձայնը. հանդիպում»։ Երէկ երեկոյեան համացանցային միջավայրի մէջ ներկայացուեցաւ այս համերգը, որու ընթացքին հնչած երգերը ձօնուած էին Իսթանպուլին։