Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Սիրեցեալ հաւատացեալ ժողովուրդ մեր, 
Յարութեան հրաշափառ եւ աստուածապարգեւ այս պայծառ առաւօտին, մեր եկեղեցիներու սրբազան զանգերը, երկնային ցնծութեան ձայնակցելով, դարձեալ կը հնչեցնեն կեանքի յաղթանակը մահուան վրայ եւ կը հռչակեն մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր եւ կենարար Սուրբ Յարութիւնը։

ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տասն Կուսանաց յիշատակութեան արարողութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՍԵՄԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի ընդառաջ կը տիրէ բացառիկ խանդավառութիւն։ Աւագ շաբթուայ սկիզբին դպրոցի տղաքը սկսան հետեւիլ համապատասխան ծրագրի մը։ 

Էջեր