ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պատկան իշխանութիւններուն պաշտօնապէս դիմում կատարած է՝ ընտրութեան ձեռնարկելու համար։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ կարեւոր բիւրեղացումներ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական ու իսկապէս խորհրդանշական դէմքերէն Անժէլ Ասլանեան շաբաթավերջին կնքած է իր մահկանացուն։ Սա շատ դառն կորուստ մըն է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Անժէլ Ասլանեան եղած էր մեր համայնքի երէց սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ հերթական անգամ հասած է հրաժեշտի փուլը։ 2022 թուականի ամառը բնորոշուեցաւ խանդավառութեամբ եւ բազմակողմանի գործունէութիւններով։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Վանի մէջ, ուր վաղը պիտի նախագահէ տարեկան Ս. Պատարագին:
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երկու նորաօծ անդամները՝ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան վերջին օրերուն իրենց անդրանիկ սուրբ պատարագները մատուցին՝ աւարտած ըլլալով ձեռնադրութեան յաջորդած ապաշխարութեան շրջանը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան դասընթացքները արդէն եզրափակուած են։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցան այս դասընթացքները, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին թէ՛ մեր նոր սերունդի համախմբման եւ թէ՛ արձակուրդի շրջանին եռուզեռ մը, ընկերային շարժում մը ապահովելու առումով։
Համայնքային ընտրութիւններու կազմակերպման աշխատանքները հետզհետէ կը հեռանան համակարգուած բնոյթ ունենալէ:
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հանդէս եկաւ կոչով մը։ Թէեւ երկար ժամանակ վերջ համայնքային ընտրութիւններու իրականացման շօշափելի հեռանկարը ուրուագծուած է, սակայն, նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ համայնքային վարիչներու ցուցաբերած մօտեցումը մեծ յուսախաբութեան եւ մտահոգութեան պատճառ դարձած է։