Թրքահայ կեանք

ԱՌՆՕ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Անգարայի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ճատրակի վեթերան վարպետներու մասնակցութեամբ մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ մեր համայնքէն Առնօ Կարապետեան։ Այս մրցոյթի արդիւնքին Առնօ Կարապետեան նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՏԱՐԻՒԼԱՃԵԶԷ»Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Տարիւլաճեզէ»ի նախագահ Համզա Ճէպէճին եւ ընկերակիցները։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ

Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի 2021-2022 կրթական շրջանի շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնը։ Շրջանաւարտութեան հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Վրդ.  Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ԵՂԱՆԱԿԻ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը պասքեթպոլի կազմերուն համար 2021-2022 մարզական շրջանի եզրափակիչ հաւաքոյթ մը կազմակերպեց։ Ակումբի պասքեթպոլի մարզիկները, մարզիչներն ու վարչայինները համախմբուեցան այս առթիւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։

ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ շատ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Դպրոցի համալիրէն ներս կազմակերպուած հրաժեշտի հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչները, դպրոցի պատասխանատուները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ՀԱՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը կը շարունակէ բնորոշել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Երկար սպասուած կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ համայնքը արդէն մինչեւ տարեվերջ յետաձգուած ընտրութիւնները իրականացնելու պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կը գտնուի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բոլոր հարթութիւններու վրայ քննարկման կ՚ենթադրուի նոր կանոնադրութիւնը, որով առաջին անգամ ընտրութեան պիտի ձեռնարկեն փոքրամասնական համայնքները։

ԳՈՑ ՇՈՒԿԱՅԻ ՄԷՋ ՓԱՔԵԻՒԶ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՅԱՋՈՂ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

«Անատոլու» գործակալութիւնը վերջին օրերուն դրուատիքով անդրադարձաւ Գոց շուկայի ոսկերիչ վարպետներէն 83-ամեայ Ստեփան Փաքեիւզի կեանքին ու գործունէութեան։ Վեթերան արհեստաւորը, որ իր հետ հասցուցած է նաեւ որդիները՝ Արտաշէս Էրոլ Փաքեիւզն ու Մուրատ Արէտ Փաքեիւզը, այժմ կը փափաքի, որ թոռներն ալ ժառանգեն նոյն ասպարէզը։

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գումգաբուի ընտանիքը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուայ հունձքին։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթօ Արմանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։

Էջեր