ERVAB-Ի ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԺՈՂՈՎԸ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՀՈՒՆ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ նախատեսուած ժողովը վերջին պահուն յետաձգուեցաւ։ Հակառակ ամրան արձակուրդին, այս շրջանին համայնքային կեանքէն ներս վարչական եռուզեռը աւելցած է՝ հաշուի առնելով, որ շուրջ տասն տարուան սպասումէ մը վերջ արդէն պաշտօնապէս հրապարակուած է փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, ըստ որու յետաձգեալ բոլոր ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին մինչեւ տարեվերջ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտներէն Էմմանուէլ Պեկիչ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է լիսէներու մտից քննութեան մէջ։
Եշիլգիւղի վարժարանի շրջանաւարտներէն Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան, որ լիսէներու մտից քննութեան մէջ բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրած էր, արդէն արձանագրուած է Ռոպերթ քոլէճ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, LGS-ի մէջ ան ապահոված էր հնարաւոր առաւելագոյնը՝ 500 նիշ ու դասուած՝ Թուրքիոյ առաջիններու շարքին։
Զապէլ Եսայեանի կեանքն ու երկերը «Ինքլափ»էն. արտասովոր կնոջ մը դիւցազնային ոդիսականը:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երաժշտական ձեռնարկ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Կղզեբնակ հոծ թիւով երաժշտասէրներ մասնակցութիւն բերին այս երեկոյթին, կայանի տղոց եւ պատասխանատուներու առընթեր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին կը նախագահէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց երեկոյեան ժամերգութեան եւ նախատօնակի։
Երէկ երեկոյեան, Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ իսկապէս փառաշուք երեկոյթ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։ Այսօրուան դրութեամբ Չեխիա դարձած է Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրը։
Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ 2021-2022 տարեշրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ շրջանաւարտութեան խանդավառ հանդէսով մը։ Դպրոցի հունձքը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով Եշիլգիւղի ընտանիքի ամենաջերմ զգացումներուն։