ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ՀԵՌԱՎԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ
Մայրենիի միջազգային օրուան առթիւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր հայերէնի ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուրնաճըի եւ Լիանա Պենլիի նախաձեռնութեամբ։ Այսպէս, տղաքը առցանց զրոյց մը ունեցան գերմանաբնակ ակադեմական Իշխան Չիֆթճեանի հետ, որ հայերէնով գրական պլոկ մըն ալ կը ղեկավարէ միեւնոյն ժամանակ:
Շիշլի մարզակումբի եւ Պէյօղլուսփորի մինչեւ 18 տարեկաններու պասքեթպոլի խումբերուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ բարեկամական հանդիպում մը։ Խոր աւանդոյթներով այս երկու մարզակումբներու վարչայիններն ալ հետեւեցան խաղին, որու սկիզբին խմբապետները փոխանակեցին ծաղիկներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն եւ համանուն դպրոց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդէն պատասխանատուներ Գումգաբու փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրելու համար այս շաբաթավերջի աւանդական տօնակատարութիւններուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մարի Եանճը եւ Սիլվա Աթընըզ, ինչպէս նաեւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պէնլիօղլու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Չանքարն ու անդամներէն Արէտ Չաքըճըն։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ միեւնոյն ժամանակ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ վերջերս այցելած էր Երեւան, շաբաթավերջին արդէն վերադարձաւ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը ճամբորդեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներով՝ «FlyOne Armenia» ընկերութեան սաւառնակով։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց երէկուան օծման ու պաշտամունքի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութիւններուն, որոնց յաջորդեց «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ սարքուած սիրոյ սեղանը: Երախտագիտութեամբ ընդգծուեցաւ յայտնի նկարիչ Էրոլ Սարաֆեանի վաստակը:
Մեր համայնքի արժէքաւոր գիտնականներէն տքթ. Մերի Թաքսի-Տեւէճեանի կողմէ պաշտպանուած թեզը վերջերս հրատարակուած է գիրքի ձեւաչափով։ Իսթանպուլի համալսարանի Ընկերային գիտութեանց կաճառէն ներս, փրոֆ. Ֆաթմա Շեպնէմ Արըքպողայի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած գիտական հետաքրքրական աշխատութիւն մըն է այս մէկը։
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան ներկայ շաբթուայ առաջին կէսին շարք մը շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանի դիւանը երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ նշուած է, որ Զեքիեան Գերապայծառ դէպի Անգարա ուղեւորութեան ժամանակ շօշափած է հայ կաթողիկէ հասարակութեան վերաբերեալ կարգ մը վարչական կամ մշակութային բնոյթով հարցեր։
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Անձնական բնոյթով ուղեւորութիւն մըն է այս մէկը։