ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՊՔԷՆ ՎԵՐՋ ԴԱՏԱՎՃՌԻ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը, որ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան հաղորդեց, որ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պաշտօնագիր մը հասած է թաղային խորհուրդին։ Խնդիրը կը վերաբերի 23 մայիս 2020 թուականին եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման, երբ Մազլում Սերին անունով անձ մը կոտրած էր մուտքի դրան խաչը
Մեր համայնքի համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ հարցազրոյց մը տուած է Երեւանի «Արեւելք» կայքէջին՝ խորհրդածութիւններ ընելով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ «Յատկապէս այս շրջաններուն բոլորս խաղաղութեան կարիքը ունինք, որովհետեւ աշխարհի վրայ խաղաղութենէն աւելի լաւ բան չկայ», ըսած է ան։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսման համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած է, երէկ, Մայրավանքի համալիրէն ներս մէկտեղուեցաւ մեր ազգայիններէն, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքի հետ, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։
Երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական երեկոյթ մը։ Գրական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին վերյիշուեցաւ գրող Զաւէն Պիպեռեան՝ ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։
Շիշլի մարզակումբը առանց կաղացումի յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնը՝ հակառակ համավարակի պայմաններուն։ Վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, ֆութսալի եւ ճատրակի կազմերը կը շարունակեն իրենց կանոնաւոր պարապմունքները։
Հոգելոյս Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր դէմ կատարուած մահափորձի տարելիցին առթիւ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ուրախ ենք մեր ընթերցողներուն տեղեկացնելու, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած վերջին գիրքը՝ «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»ը արդէն տեղ գտած է Մայր Աթոռի Մատենադարանի հաւաքածոյին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարուայ վերջին օրերուն յիշեալ մատենաշարը համալրուած էր այս գիրքով, որ կը բովանդակէ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի Հանրապետական շրջանի տիրական դէմքերէն Թորոս Ազատեանի կողմէ գրի առնուած յօդուածաշարքը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ վարակուած է քորոնաժահրով, դրական հունի մը մէջ կը բոլորէ իր մեկուսացման շրջանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վարակուած ըլլալու վերաբերեալ լուրը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան Հայաստանի մէջ երթեւեկի արկած մը անցուցած է։ Կանխաւ յայտնենք, որ իր կացութիւնը լաւ է։