ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԸ
Կ՚ըսուի, որ ծնող մը կը կարողանայ տասը զաւակ խնամել, բայց, չափահաս դառնալէ վերջ այդ տասը զաւակը կը դժուարանայ ծնողը պահել… Ժողովրդական իմաստութիւնը, սուր դիտարկումներով ու դիպուկ բանաձեւումներով կը ցոլացնէ կեանքի ճշմարիտ պատկերները։
Հեռանկարային շինարարութիւնները կը կաղան ժամանակաւոր դժուարութիւններու պատճառով:
Ցաւով տեղեկացանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ ժողովրդական երաժշտութեան խորհրդանշական դէմքերէն՝ յայտնի մեներգիչ Քենան Մենեքշէ։ Ան հասած է Տիարպաքըրի նշանաւոր «Կեավուր մահալլէսի»էն, եղած է որդին՝ Կարապետ Պուպօ Մենեքշէի։
Մխիթարեան վարժարանի համալիրէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը, որով համայնքային շրջանակները պաշտօնապէս տեղեակ պահուեցան կարեւոր կարգադրութեան մը մասին։ Իրականութեան մէջ, առաջին հայեացքով, Մխիթարեանի ընտանիքին վերաբերեալ ներքին կարգադրութեան մը բնոյթը կը կրէ այս իրադարձութիւնը, սակայն, մեր ընկերամշակութային կեանքին տեսակէտէ կը ստանայ դրական հեռանկարներ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանը ողջունեց մեծ խանդավառութեամբ։ Թաղի Տատեան վարժարանէն ներս կազմակերպուած հանդէսները դարձան տօնական շրջանի ոգեւորութեան գագաթնակէտերը։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ տաղաւարի առթիւ պատարագեց եւ քարոզեց Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Վերջին ամիսներուն ուսման համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած հայր սուրբը տօնական այս օրերուն որոշ շրջանի մը համար վերադարձած է քաղաքս։
Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ, երէկ երեկոյեան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ, «Մեր հայեր» խումբին կողմէ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման արարողութիւնը, որուն յաջորդեց նաեւ հոգելոյս տէր հօր թաղման կարգը։ Տարեմուտի դրութեամբ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն համար յուզումնալի էր հրաժեշտ տալ իրենց երէց հոգեւոր եղբայրներէն մէկուն, որ վերջին օրերուն հիւանդանոցի մէջ հոգին աւանդած էր՝ շուրջ երկու ամիս խտացեալ խնամքի տակ մնալէ վերջ։