ՋՂԱԲԱՆ ՏՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ՄԵԾԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ
Պոլսահայ բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան երէկ պատուաբեր պարգեւի մը արժանացաւ։ Իսթանպուլի բժիշկներու սենեակին կողմէ ան պարգեւատրուեցաւ՝ իր բժշկական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։