Թրքահայ կեանք

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԿԱՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑ

Գալֆաեան տան խնամակալութենէն ներս ծագած տագնապին արձագանգները կը շարունակուին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Խնամակալութեան՝ այժմ արդէն նախկին ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի եւ կարգ մը անդամներու հրաժարումէն ետք ներկայիս անցումային շրջան մըն է՝ մինչեւ նոր դիւանին ձեւաւորումը։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍԸ ԱՆՑԱՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՋԵՐՄ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ

Գալֆաեան տան ընտանիքը 2025-ի տարեմուտին համախմբուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Դպրոցի Ամանորի հանդէսը անցաւ՝ ընտանեկան միջավայրի յարիր բարձր տարամադրութեան պայմաններու ներքեւ։

ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

Թոփգաբուի ընտանիքը աւանդական խանդավառութեամբ կը դիմաւորէ 2025 թուականը։ Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Կաղանդի հանդէս մը, որ թատերաբեմը հանդիսացաւ ընտանեկան անմիջականութեան եւ ուրախութեան մթնոլորտի։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ Ամանորի շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Մանկապարտէզի փոքրիկներու հանդէսը առանձնապէս ուշագրաւ էր՝ քանի անոնց երկարատեւ պատրաստութիւնները պսակուեցան բացառիկ յաջողութեամբ։

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Նոր տարին նոր յոյսերով կը լեցնէ մեր սրտերը: Բարի օրերու եւ յաջողութեան երազանքը կը տիրէ ամէնուրեք:
Նոր տարին դիմաւորելը պճնազարդ կաղանդի ծառերով, խրախճանքի սեղաններով եւ լուսաւորուած փողոցներով, սրահներով, զմայլելի արարողութիւններով ու գոյնզգոյն նուէրներով՝ արտայայտութիւնն է այս լաւատես ակնկալութեանց:

ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՄԱՆՈՐ. ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Իւրաքանչիւր տարին կը սպասենք նոր սպասումներով, յոյսերով, երազներով։ Այնուամենայնիւ, յաճախ հիասթափութեան պատճառ կը դառնան մեր ակնկալիքները՝ այլ մարդոցմէ կամ ընդհանրապէս կեանքէն։

2025-Ի ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ

Թուրքիոյ հայերուն համար կրթութիւնը միայն անհատական զարգացում մը չէ, այլ՝ մշակութային տեւականութեան կարեւոր միջոց մըն է։ Դպրոցները մեր մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ փոխանցման հիմնասիւներն են։

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԸ ԵՐԱԶԱՆՔՈՎ...

ՄԱՐԱԼ ԷՊԷՕՂԼՈՒ ՍԱԹԱՐ

Նոր տարին շատերս պիտի դիմաւորենք մեր տուներուն մէջ, ընտանեկան յարկի տակ՝ համախմբուելով տօնական սեղաններու շուրջ, անցեալի ապրումները շալկած ու նոր ապրումներու ճամբայ բանալով։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ նոր սպասումներու, փափաքներու, մաղթանքներու, յոյսերու ցանկով 365 օրը կը սկսի։

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐ

Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը աւանդական խանդավառ հաւաքոյթով մը ողջունեց Ամանորը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեան ներքեւ, դպրոցի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքցիներու աւանդական Կաղանդի հանդիսութիւնը, որու ընթացքին բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։

Էջեր