ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՈԳԵՒՈՐ ՕՐԵՐԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը վերջին օրերուն բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ իրերայաջորդ ձեռնարկներով։ Այսպէս, թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցչաց կազմը եւ այլ պատասխանատուները միասնաբար պտոյտ մը կատարեցին դէպի Քիլիոս։
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ օրեր կ՚ապրի՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներս 2024-2025 տարեշրջանի եզրափակիչ փուլի հանդիսութիւններով։ Այսպէս, վերջին օրերուն դպրոցին մէջ տեղի ունեցան մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսն ու առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Կը տեղեկանանք, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի աւարտական դասարանի աշակերտուհիներէն Սեսիլ Կիւնտիւզ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ համալսարանական ուսումը շարունակելու ճանապարհին։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերը կը սպասեն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին այցելեց Տիարպաքըր։ Հովուական բնոյթով այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ՝ պատմական քաղաքի այժմ խոնարհուած Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին։
Շիշլի մարզակումբին կողմէ զանազան ճիւղերու մէջ եւ քաղաքիս զանազան թաղերուն մէջ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները երէկ հանդիսաւոր արարողութիւններով հասան իրենց աւարտին։
Օրթագիւղի ընտանիքին տեսակէտէ երէկուան օրը նշանաւորուեցաւ՝ թաղի Թարգմանչաց վարժարանի լուսանկարչութեան ակումբի աշակերտներու ցուցահանդէսով։ «Մեր Իսթանպուլը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսով ներկայացուեցան՝ լուսանկարչութեան ակումբի աշխատանքներուն մասնակից աշակերտներու կողմէ նկարահանուած դրուագները։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային հաւաքոյթ մը։ Պոլսահայ զանազան դպրոցներու հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտները համախմբուեցան՝ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի հիւրընկալմամբ։
Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ անմահ գրող Զապէլ Եսայեանի յիշատակին ձօնուած հանդիսութիւն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Գրական այս ծրագիրը համախմբեց հոծ թիւով հիւրեր, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը եւ որոնց շարքին էին Եշիլգիւղի ընտանիքէն վարիչներ։