Թրքահայ կեանք

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցաւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը։ Հա­յոց հա­ւատ­քի հօր՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի մուտն ի վի­րա­պի յի­շա­տա­կին տե­ղի ու­նե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց հան­դի­սա­պեց եւ քա­րո­զեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի աԱտե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

ՇԻՇԼԻԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈՒՐԱԽ Է ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԿԱԶՄԻ ԱՆԽԱՓԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՎ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի պաս­քեթ­պո­լի կազ­մը այս ե­ղա­նա­կին կ՚ար­ձա­նագ­րէ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Շիշ­լի­ցի­նե­րը ի­րե­րա­յա­ջորդ ե­րեք յաղ­թա­նակ ա­պա­հո­ված են եւ ա­ռանց պար­տու­թեան կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ճա­նա­պար­հը։

ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԵՐԷԿ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի 51-րդ տա­րե­դար­ձը շա­բա­թա­վեր­ջին պատ­շաճ մթնո­լոր­տի մը մէջ նշուե­ցաւ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Ե­րէկ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կի­րակ­նօ­րեայ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։

ՄԱՍԻՍ ՔԱՐԱ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՆԱՍԱ-Ի ԾՐԱԳՐԻՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րէն Մա­սիս Քա­րա ի­րա­ւունք շա­հած է յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու ՆԱ­ՍԱ-ի ծրագ­րե­րէն մէ­կուն։ Իր այս գե­րա­զանց յա­ջո­ղու­թիւ­նը մեծ ու­րա­խու­թիւն պար­գե­ւած է Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին։

ՇԻՇԼԻԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ներ­կա­յիս կը շա­րու­նա­կուի թա­փով։ Ա­կում­բի կազ­մա­կեր­պած ձմրան դա­սըն­թացք­նե­րուն կը մաս­նակ­ցի 450 հո­գի։ Ա­նոնց վրայ կու գան ա­ւել­նալ Շիշ­լիի թի­ւով 130 զա­նա­զան ճիւ­ղե­րու մար­զիկ­նե­րը, ո­րոնք մաս կը կազ­մեն վո­լէյ­պո­լի, պաս­քեթ­պո­լի եւ ճատ­րա­կի խում­բե­րուն։

ՆՈՐ ԲԺՇԿԱՊԵՏ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս հերթի փոփոխութիւն եւ հոգաբարձութեան կողմէ մեծարանք:
Տքթ. Արտաշէս Աքտաղի տասնամեայ ծառայութենէն վերջ իրեն կը յաջորդէ՝ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան:

ՆԱԹԱԼԻ ԴԱՒԻԹԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի գե­ղա­րուես­տից աշ­խա­տա­նո­ցին կող­մէ ե­րէկ կեան­քի կո­չուե­ցաւ թա­տե­րա­կան ծրա­գիր մը։ Այս­պէս, դպրո­ցի գե­ղա­րուես­տի աշ­խա­տա­նո­ցի սա­նե­րը հան­դէս ե­կան թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մով մը։

ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՄԱՐԱԼ ԱԴԱՄԱՆԻ «ԵՐԱԶ»Ը

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի հա­մակ­րե­լի մե­նա­կա­տար­նե­րէն Մա­րալ Չա­փան-Ա­դա­ման վեր­ջերս թո­ղար­կած է նոր սկա­ւա­ռակ մը, որ կը կո­չուի «Ե­րազ»։ Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու մեր եր­գա­րուես­տի նուի­րեալ­նե­րէն Մա­րալ Ա­դա­մանն ու Պար­թեւ Կա­րեա­նը։

Էջեր