Ս. ԶԱՏԿԻ ՍԵՄԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
Սուրբ Զատկի տօնական օրերուն ընդառաջ, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ այսօր տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը։
Սուրբ Զատկի տօնական օրերուն ընդառաջ, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ այսօր տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուած է 3x3 պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Արման Մանուկեանի յիշատակին։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տնօրինութեամբ, Պատրիարքարանէն ներս վերահաստատուեցաւ աւանդական դրութիւն մը՝ մեր համայնքի ընդհանուր տրամադրութիւններն ու ակնկալութիւնները աւելի լաւ արժեւորելու համար Աթոռի գործունէութեան մէջ, նկատի ունենալով նաեւ առկայ մարտահրաւէրները:
Գումգաբուի կողմէ կարեւոր քայլեր:
Նորաստեղծ կազմը երէկ գումարեց իր անդրանիկ նիստը՝ ընդհանուր փոխանորդին գլխաւորութեամբ ժողովականները կարծիքի փոխանակումներու միջոցաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկեցին թրքահայ համայնքային կեանքի առկայ վիճակը, սեղանի վրայ դրին իրենց դիտարկումները եւ նորին սրբազնութեան նկատառման յանձնեցին իրենց մօտեցումները՝ մեր իրականութենէն ներս աւելի համախումբ ու ներդաշնակ միջավայրի մը ստեղծման առումով: Խումբը բաղկացած է պատրիարքութեան հեղինակութեամբ նկատմամբ նախանձնախնդիր անձերէ:
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան նախընթաց օր այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ։
Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը երէկ կազմակերպեց Մեծ պահոց շրջանի աւանդական ճաշկերոյթը։ Սովորաբար Միջինքին տեղի կ՚ունենար աւանդական դարձած այս տիկնանց հաւաքը, սակայն այս տարի Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի ծրագրին բերումով թուականը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան։
Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ վաստակաւոր լրագրող Կարպիս Քեշիշօղլուի ի պատիւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ներկայացուցիչներէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Թանիա Պալճըն։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած «Ոմանք» խումբի իրերայաջորդ համերգներով։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ հայոց հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապը։ Արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։