ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾ ՈՒ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔԸ
Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ շրջանաւարտներու աւանդական օրուան առթիւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Գարակէօզեանի ընտանիքի ներկայացուցիչները Շաբաթ առաւօտ փութացին Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի շիրմին մօտ։