ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի գահակալութեան 12-րդ տարեդարձը երէկ քաղաքիս մէջ նշուեցաւ՝ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու մասնակցութեամբ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոնի հիւրընկալմամբ ընթրիքի սեղան:
Էսաեան վարժարանի պատասխանատուները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյին։ Այս վերջինը նշանակումէն վերջ մօտաւոր անցեալին դպրոց այցելած էր եւ երէկ ալ Էսաեանի պատասխանատուները փոխադարձած եղան այդ քայլին։
Պոլսահայ բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան երէկ պատուաբեր պարգեւի մը արժանացաւ։ Իսթանպուլի բժիշկներու սենեակին կողմէ ան պարգեւատրուեցաւ՝ իր բժշկական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։
Գարակէօզեան տան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջվարժարանային մտախաղերու մրցոյթը, որ 13-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Դպրոցի համալիրէն ներս «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ կեանքի կոչուեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Թուրք ուղեղի խումբին հետ համագործութեամբ։
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Բուն բարեկենդանի առթիւ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան մեկնեցաւ Էլազըղ: Հովուական ուղեւորութեան ընթացքին տէր հօր կ՚ընկերանար Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ ուրարակիր դպիր Թապաշեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն Սագօ Արեանին։ Մինչ այդ, Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրը այս առաւօտ վերադարձաւ իր Աթոռը։
Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր գիտական ձեռնարկ մը կազմակերպեց՝ ի ոգեկոչումն թաղի Սահակեան-Նունեան լիսէի բարեյիշատակ տնօրէնուհի ողբացեալ Թալին Մաթոսօղլուի։ Դպրոցի միջնակարգի բաժնին կողմէ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։