ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Արեւագալի ժամերգութեան նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքէն երկու երաժշտասէր գործիչներ՝ Հռիփսիմէ Քարափեքմէզն ու Լեռնա Սորկոսը։
Գարակէօզեան տան հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս, վերջին օրերուն դպրոցին մէջ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Այսպէս, ողբացեալ Արամ Նիկողոսեանի յիշատակին ձօնուած երկրորդ միջվարժարանային մրցաշարքը համախմբեց մեր համայնքէն հոծ թիւով նոր սերունդի ներկայացուցիչներ։
Էսաեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի, բազմավաստակ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան արդարացուեցաւ դատական մարմիններուն կողմէ։
Սուրբ գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան երէկ կարճ կեցութիւն մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Հրայր Ճէպէճեան, որ պաշտօնի բերումով յաճախ կը ճամբորդէ, Իսթանպուլի մէջ այցելեց Էսաեան վարժարանը։
Խոր ցաւով կը հաղորդենք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է քաղաքիս մէջ հայ մամուլի երկարամեայ վաստակեալներէն մին, որ շուրջ քսան տարի եղած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ցրուիչը։ Ոչ եւս է Մկրտիչ Կիւլլապեան, որ իսկական նուիրեալ մըն էր ու մեծ զոհողութիւններով ապահոված էր, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները կարողանան ամէն օր կանոնաւոր ձեւով ունենալ իրենց հարազատ թերթը։
«Հայճար»ի 11-րդ ընդհանուր ժողովը շաբաթավերջին գումարուեցաւ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Նազար Շիկահերի կողմէ գլխաւորուած անցեալ շրջանի վարչութեան գործունէութեան վերաբերեալ բոլոր տեղեկագիրները վաւերացուեցան միաձայնութեամբ։
Համաշխարհային ջուրի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ կազմակերպուեցաւ՝ միջազգային մակարդակով մարտահրաւէրի վերածուած ջուրի արդիւնաւորման խնդրին վերաբերեալ կարեւոր հաւաք մը։
Շաբաթավերջին, Աթագիւղի մարզահամալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Իսթանպուլի մարմնամարզի առաջնութիւնը։ Փոքրերու դասաւորման համար կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Շիշլի մարզակումբը։