ԹՌՉՆԱԳԻՐ ՏԵՏՐԵՐ
«Արաս» հրատարակչութիւնը Ամանորի ընդառաջ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրաւ նրբաճաշակ նոթատետրեր, որոնք զարդարուած են հայկական աւանդական թռչնագրերով։
«Արաս» հրատարակչութիւնը Ամանորի ընդառաջ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրաւ նրբաճաշակ նոթատետրեր, որոնք զարդարուած են հայկական աւանդական թռչնագրերով։
Երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ մնայուն բնակիչներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը։ Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին պատրաստութիւնները յառաջ տարուած էին ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի կողմէ։
Երէկ, Գարակէօզեան մանկարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը, որու ընթացքին փոքրիկները ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։ «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստանոցի աշխատանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով՝ արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու։
Նշանթաշըի «Իտիլ» գեղարուեստասրահը կազմակերպած է ցուցահանդէս մը՝ ողջունելու համար Նոր տարին։ 45 արուեստագէտ կը մասնակցի այս խառն ցուցահանդէսին, որու բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն։ Գեղարուեստասէրները համախմբուեցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ՝ 2017 թուականին համար դրական սպասումներով, մանաւանդ խաղաղութեան ակնկալութեամբ։
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «500 ծիծղուն աչք» խորագրեալ ամանորեան նուիրաբաշխման արշաւը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Մխիթարեանցիները երէկ այցելեցին այս ծրագրին մէջ ընդգրկուած վերջին երեք վարժարանները։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքի Ամանորի խրախճանքը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, Ժիրայր Տաղտեւիրէնէլ եւ Կարպիս Փոլատ, ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, ԶԻՊԷՉ-ի պատասխանատուները, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «500 ծիծղուն աչք» խորագրեալ ամանորեան նուիրաբաշխման ծրագիրը այս տարի եւս կեանքի կը կոչուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ այս շարժման կամաւորները երէկ այցելեցին՝ սոյն ծրագրին մէջ ներառնուած վեց վարժարաններէն երեքը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանը։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին ան այս առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն Ազատուհի Թորոս։ Հանգուցեալը մայրն էր «Ֆօթօ Պոլիս» լուսանկարչական ծառայութեան հիմնադիր, յայտնի լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի։