ՓԱԿՈՒՂԻԷ ԴԷՊԻ ԱՆԴՈ՞ՒՆԴ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապը իւրաքանչիւր քայլափոխին աւելի կը խորանայ՝ մտահոգութիւն պատճառելով համայնքի շրջանակներուն:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին ուշագրաւ նամակ մը ուղարկելով՝ խնդրեց իր միջամտութիւնը:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ։ Հայերէնի փորձառու ու նուիրեալ ուսուցչուհի Հերա Իսքենտէրօղլուի ուղեկցութեամբ անոնք այցելեցին խմբագրատունս։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութսալի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Հանգուցեալ Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին կազմակերպուած այս երրորդ մրցաշարքը տեւեց 16 շաբաթ։
Պատրիարքարանի վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Քէօլնէն նամակ մը ուղարկած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ փափաք յայտնած էր՝ ունենալ իր կողմէ ժամադրութիւն ապահովելու համար Եկեղեցական համագումարէն օր մը վերջ կուսակալութեան ուղարկուած դիմումնագիրը։
Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ աւարտական եւ մրցանակաբաշխութիւն:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գերմանիա մեկնեցաւ եւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ հոծ թիւով սգաւորներով:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը աշակերտներ, որոնց կ՚ուղեկցէին հայերէնի երկու արժէքաւոր ուսուցչուհիներ՝ Սիւզան Ավճը եւ Թաթիա Մարաշլեան։ Աշակերտները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի եւ լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշի հետ։