ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Մարմարայի խմբակ» հիմնարկի նախագահ Տքթ. Աքքան Սուվէրը։ Այս վերջնոյն կ՚ընկերանային Լալէ Այթանչ Նալպանտ եւ Ճաֆէր Օքրա։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհիներէն 103-ամեայ Վարսէն Օրունճաքճըէլին, որու տարեդարձը կը նշուէր։