ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի առաջին շրջանաւարտները տօնական մթնոլորտ ստեղծեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ:
Դպրոցի սաները կրթական կեանքէ ներս նոր հանգրուան մը կ՚ողջունեն ինքնավստահ տրամադրութեամբ եւ ապագայի նկատմամբ վառ յոյսերով: Կրթօճախի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը անբացատրելի զգացումներով տոգորուած են՝ անդրանիկ հունձքի հրաժեշտի փուլին՝ մինչ անկիւնադարձ մը կ՚ապրուի իրենց զոհողութիւններու արդարացման, ջանքերու արժեւորման ճանապարհին:


Շիշլի մարզակումբի ճատրակի կազմը ախոյեան հանդիսացաւ Իսթանպուլի ակումբներու առաջնութեան շրջագծով։ Գարթալի քաղաքապետութեան մարզասրահին մէջ, 23-31 Մայիս թուականներուն տեղի ունեցաւ մրցաշարքը, որու ընթացքին շիշլիցիները յաղթական դուրս եկան իրենց բոլոր հանդիպումներէն։
Պատրիարքական Աթոռի թանգարանը ստացաւ պաշտօնական ճանաչում։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս վերջին տարիներուն սկսած է գործել Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Թ. Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքին անուան ձօնուած թանգարանը, որուն ներկայիս շնորհուած է պաշտօնական կարգավիճակ։