ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ «ՄԱԿ»Ի ԺՈՂՈՎԻՆ
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Քոլին Քայըքճըօղլու, Ռոպէրթ Սէրտար Շահին, Լինա Չավտար, Նաթան Սիւսլիւ, Հելին Մուրատեան, Մասիս Տէմիրէլ եւ Այգ Թուրաչ, որոնք կ՚անդամակցին «Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն (ՄԱԿ)-Մանրատիպ» ակումբին, ուղեկցութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Սեսիլ Քոճային, 12-16 Յունիս թուականներուն, «Քոչ» համալսարանին մէջ մասնակցեցան «ՄԱԿ-Մանրատիպ»ի անգլերէնով կայացած ընդհանուր ժողովին։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը հրաժեշտ տուաւ այս տարուան շրջանաւարտներուն:
Երկարատեւ աշխատութենէ յետոյ վերջերս լոյս տեսաւ Treasures of Faith (Հաւատքի գանձեր) գիրքը՝ շքեղ եւ գունաւոր տպագրութեամբ։ Գիրքը պատրաստուած է Մինէսոթայի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Ռոնալտ Մարիս, Արեւմտեան Միշիկընի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Մառլէն Պրէու եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ուրախութիւնը ունեցանք նախկին իսթանպուլահայ արժէքաւոր ատամնաբոյժ Սարգիս Ատամը։ Ան Թուրքիա կ՚այցելէր Վանի մէջ մասնակցելու համար բժշկագիտական համաժողովի մը։