ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՄԷ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը 2024-2025 ուսումնական շրջանի վերամուտին երախտագիտութեան տուրք մատոյց խումբ մը նուիրեալ դէմքերու, որոնք թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն տեղ ապահոված են իրենց ներդրած ջանքով եւ եռանդով։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց տարուան վերջին տաղաւարը՝ Խաչվերացը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։
Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Ճուլի Իտէ երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչները։ Այսպէս, աւագ հիւպատոս Իտէ կէսօրուան ճաշի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ փոքրամասնութիւններու համայնքային թերթերու գլխաւոր դէմքերուն հետ։
Ողջունելի ձեռքբերում. Ռոպէր Քոփթաշ ընթերցասէրներու դատին կը յանձնէ իր անդրանիկ վէպը:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց 2024-2025 ուսումնական շրջանը։ Վերամուտի հանդէսի մթնոլորտը համազօր էր տօնախմբութեան:
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ այս ամսավերջին Պէյօղլուի «Öktem Aykut» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յայտնի նկարիչ Արէտ Կըճըրի ցուցահանդէսը։ Սեպտեմբերի 25-ին պիտի սկսի ձեռնարկը, որ կոչուած է՝ «Պատկերէն անդին»։
Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ այլ պատասխանատուներ մասնակցեցան քաղաքապետարանի հանդիպման։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կարէն Սրկ. Համամճեանը, որ Լոս Անճելըսէն է եւ այս ամրան շրջանը կ՚անցընէ քաղաքիս մէջ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսայի Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի արժէքաւոր սպասաւորներէն է տիրացու Կարէն Սրկ. Համամճեանը, որուն ընկերացաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Էսաեան վարժարանին մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբը դրուեցաւ՝ ընտանեկան մեծ համախմբումի մը մթնոլորտով։ Վերամուտի եռուզեռը զգալի էր ամէնուրեք։ Մինչ տղաքը ամրան արձակուրդէն վերջ զիրար վերագտնելու երջանկութիւնը կ՚ապրէին, կրթական մշակներն ու դպրոցի միւս պատասխանատուներն ալ աշխատանքային նոր շրջանին ընդառաջ համակուած էին բարձր տրամադրութեամբ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերամուտը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Դպրոցը այս տարի 151-րդ անգամ բացած է իր դռները։