ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2018 թուականը դիմաւորուեցաւ մեծ հրճուանքով։ Դպրոցէն ներս կազմակերպուած Կաղանդի հանդէսը պատրաստուած էր մեծ բծախնդրութեամբ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2018 թուականը դիմաւորուեցաւ մեծ հրճուանքով։ Դպրոցէն ներս կազմակերպուած Կաղանդի հանդէսը պատրաստուած էր մեծ բծախնդրութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Նոր տարուան առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը պիտի իրականացնէ դէպի Ֆրանսա։ Այսպէս, ան 5 Յունուարին պիտի այցելէ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրին ընդառաջ։
Այն ինչ որ կատարուած է Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրումէն առաջ՝ օր մը այդ հիման վրայ հնարաւոր պիտի ըլլայ շարունակել:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան տարեմուտի հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն:
Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յովաննէս Չեքիճեան ներկայ տարեմուտին արժանացաւ երկրի բարձրագոյն կոչման։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ մաէսթրոյին շնորհուեցաւ «Հայաստանի ազգային հերոս»ի կոչումը։
Իրանի աւելի քան տասն քաղաքներէն ներս վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենան բողոքի մեծ ցոյցեր. 10 զոհ:
Ելմտական ընկերութիւններու իրերայաջորդ սնանկացման մթնոլորտին մէջ ցուցարարները փողոց իջած են՝ կեանքի սղութեան դէմ:
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց հետաքրքրական յուշագրութիւն մը։ Աշխարհահռչակ ռուս գրող Վասիլի Կրոսմանի դէպի Հայաստան այցելութեան լոյսին տակ հեղինակած ուղեգրութեան թարգմանութիւնն է այս մէկը։
Մարդկութիւնը մեծ յոյսերով եւ դրական սպասումներով կ՚ողջունէ 2018 թուականը՝ խաղաղ երկնքի հասարակաց մաղթանքով:
Հայաշխարհը լաւատեսութեամբ ու բարի ակնկալութիւններով կը թեւակոխէ ամանորը, որ համազգային յոբելեաններու շրջան մը կը սահմանէ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի առաջնագծին
Սարգսեան. «Այս հարցին մէջ Հայաստանն ու միջազգային հանրութիւնը կը խօսին գրեթէ նոյն լեզուով, ինչ որ լաւագոյնս արտայայտուած է համանախագահներու յայտարարութեան մէջ»
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան 12-րդ համագումարը։ 1997 թուականէն ի վեր չէր գումարուեր միութեան ընդհանուր ժողովը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, որ Երեւան չի կրնար այլ ձեւաչափերու մէջ ստանձնել այնպիսի պարտաւորութիւններ, որոնք կը հակասեն Մոսկուայի հետ ունեցած համաձայնութիւններուն։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը հարցազրոյց մը տուաւ «Քոմերսանտ» թերթին։