Լրահոս

ԹԻՄ ՈՒԻԼՍԸՆ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ԻՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Աւստ­րա­լիոյ խորհր­դա­րա­նի 45 -րդ նս­տաշր­ջա­նին Կոլտշ­թէյն հա­մայն­քէն ե­րես­փո­խան ընտ­րուած Թիմ Ո­ւիլ­սըն ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նա­կան ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ իր հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն մա­սին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ տեղ­ւոյն ա­ւան­դու­թեան, ան խորհր­դա­րա­նա­կան իր ա­ռա­ջին ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ ար­մատ­նե­րուն եւ ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան։

Սպահանի Հայկական Եկեղեցին՝ Բրիտանացի Զբօսաշրջիկներու Այցելութեան Պարտադիր Վայր

Ի­րա­նի Սպա­հան քա­ղա­քի հայ­կա­կան Ս. Ա­մե­նափր­կիչ ե­կե­ղե­ցին նե­րա­ռուած է Ի­րա­նի այն տե­սար­ժան վայ­րե­րու ցան­կին մէջ, ո­րոնք պար­տա­դիր են բրի­տա­նա­ցի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան հա­մար: Ցան­կը կազ­մած է բրի­տա­նա­կան International Business Times-ը:

ԱՌԱՋԻՆ ԽՄԲԱՔԱՆԱԿԸ ԱՐԴԷՆ ԱՐՏԱՀԱՆՈՒԱԾ

Ա­մե­րի­կեան Apple ըն­կե­րու­թեան 7-րդ սե­րուն­դի iPhone-ի ա­ռա­ջին խմբա­քա­նա­կը, ըստ չի­նա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու, ար­դէն ար­տա­հա­նուած է այլ եր­կիր­ներ: Մա­տա­կա­րա­րուած գրպա­նի հե­ռա­ձայն­նե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւը 371 հա­զար է:

ԲԱԶՄԱԴԱՐԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի եւ Թիֆլիզի ամուր բարեկամական կապերը կարեւոր են ընդհանուր առմամբ Հարաւային Կովկասի կայունութեան տեսակէտէ:
Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ դէպի Հայաստան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով:

ԷՐՏՈՂԱՆ, ՕԼԱՆՏ, ՄԵՐՔԷԼ ԵՒ ՌԵՆՑԻ ԵՐԷԿ ՔԱՌԱԿՈՂՄ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ա­ւար­տեց իր շփում­նե­րը Չի­նաս­տա­նի մէջ, ուր վեր­ջին օ­րե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ «G-20»ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Ան ար­դէն վե­րա­դար­ձաւ Թուր­քիա։ Իր ու­ղե­ւո­րու­թեան վեր­ջին օ­րը Էր­տո­ղան Չի­նաս­տա­նի մէջ կա­րե­ւոր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի եւ Ի­տա­լիոյ Վար­չա­պետ Մա­թէօ Ռեն­ցիի հետ։

ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԿԸ ԲԵՐԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆՎՏԱՆԳ ԳՕՏԻ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Չի­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «G-20»ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հեր­թա­կան ան­գամ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ Թուր­քիոյ ա­ռա­ջար­կը՝ Սու­րիա­յէ ներս 95 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թեամբ ու 40 քի­լօ­մեթր խո­րու­թեամբ անվ­տան­գու­թեան գօ­տի մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ, թռիչք­նե­րու փակ ձե­ւով։

ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն տե­ղե­կա­ցուց, որ հա­մա­ձայ­նած է մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­բան­նե­րու հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ըմ­բիշ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեա­նի Ռիո­յի Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն ըն­թաց­քին են­թարկուած ա­նար­դա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար կո­մի­տէն պի­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցի միա­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­բան­նե­րու հետ։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ՈՒԺԵՂ

2018 թուա­կա­նին կա­յա­նա­լիք ֆութ­պո­լի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լի խա­ղե­րը ար­դէն ըն­թաց­քի մէջ են։ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լի պայ­քա­րին դըժ-բախ­տա­բար սկսաւ պար­տու­թեամբ։

Էջեր