ՔՐԱՔՈՎԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս, այսօր, Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Այս տեսակցութիւնը կը կայանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ։
Ինչպիսի՞ կերպար մը պէտք է մարմնաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան յաջորդ նախագահը։
Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլան երէկ հանդէս եկաւ մամուլին ուղղեալ լուսաբանութիւնով մը։ 12 Յունուար 2018 թուականին, «Աքշամ» օրաթերթը պատրիարքական ընտրութեան տագնապին վերաբերեալ հրատարակած էր լրատուութիւն մը, որուն բովանդակած պնդումները տարրական տրամաբանութենէ դուրս էին ու մենք ձեռնպահ մնացած էինք այդ մէկուն արձագանգ հանդիսանալէ՝ մեր համայնքի օրակարգը ապատեղեկատուութիւններով ծանրաբեռնելէ խուսափելու համար։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Աֆրին եւ Մենպիչէն սկսեալ Սուրիոյ ահաբեկչական լծակները պիտի ցրենք»:
TRT-ի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին տեսագրութեան համար:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս երկխօսութիւնը կը շարունակուի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճեանը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը։
Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութներու ցանցը եւ Արարատեան Հայրապետական թեմը Սիրահարներու տօնին ընդառաջ նախաձեռնած են «Իմ գաղտնի գրքասէր. սիրոյ խոստովանութիւն գիրքով» միջոցառման։
Միացեալ Նահանգներու Մէյն նահանգի Լիւպէք քաղաքին մէջ գտնուող պատմական շինութիւնը փոթորիկի պատճառով յայտնուած է Գանատայի տարածքին մէջ: