ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով կը պատրաստուի Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունենալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այդ տեսակցութիւնը նախատեսուած է 16 Նոյեմբերին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հնդկաստան։ Ան երէկ մեկնեցաւ Նոր Տելհի՝ Հնդկաստանի Վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հրաւէրով։
Յօրինող, երաժշտական-հասարակական գործիչ, երաժշտութեան ուսուցիչ, խմբավար Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան օրը՝ Նոյեմբերի 1-ին, անոր գործունէութիւնը գնահատողներն ու ստեղծագործական ժառանգութեան երկրպագուները այցելեցին Սպենդիարեանի շիրիմը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով յօրինողի յիշատակին։
Երէկ, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի գագաթաժողովը։ Սոյն գագաթաժողովին մասնակից ղեկավարները առանձնազրոյցներ ալ ունեցան իրարու հետ։
Երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ յետոյ կեանքի 81-րդ տարիին մահացած է Կ. Ստանիսլաւսկիի անուան ռուսական պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Գրիգորեան։
Հնդկական Sommelier գինիի ամսագիրը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ գինեգործութեան՝ դարերու խորքէն եկող աւանդոյթներուն եւ ներկայ միտումներուն։
Ամենայն սրբոց տօնին օրը Նիւ Եորքի մէջ արիւնալի դէպք մը պատահեցաւ. 8 զոհ եւ 15 վիրաւոր:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադառնալով՝ Ալիեւ դարձեալ կանգ առաւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Փարիզ, ուր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս կը մասնակցի կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի 39-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։