ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ԽԱԽՏՈՒՄ ՉԷՐ ԸՐԱԾ
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մովսէս Յակոբեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ Արցախի ճակատին վրայ պատահած վերջին դէպքերուն մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։
Արցախի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն զինուոր մը նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, ժամը շուրջ 13.20-ին Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով զոհուեցաւ Վաչէ Չիլինկարեան (1998)։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Մեր կազմակերպութիւնը ընդարձակեց իր գործունէութեան դաշտը՝ նոր նախաձեռնութիւններով եւ առանցքային համագործակցութիւններով»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծում չի ստանար, որովհետեւ Ատրպէյճան դէմ դուրս կու գայ ոչ թէ Հայաստանի մօտեցման, այլ՝ միջազգային հանրութեան դիրքորոշման։ «Արդեօք Ատրպէյճան կը փոխէ՞ իր դիրքորոշումը 2018 թուականին
Երբ թրքահայութիւնը կը դիմագրաւէ տագնապալի ու բարդ ժամանակաշրջան մը, անցեալ տարուան նման, ներկայ տարեմուտին եւս մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս մանրամասնօրէն խոշորացոյցի տակ առնուեցան համայնքային հրատապ խնդիրները: