ԹՈՒԱՅՆԱՑՆԵԼ ԵՒ ՄԻԱՒՈՐԵԼ
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ քաղաքիս մէջ կը կազմակերպուին քննարկումներ, որոնք այժմէական բնոյթ կը կրեն հայութեան մշակութային օրակարգին վրայ:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրման կեդրոնի ղեկավար Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան երէկ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը: Լիբանանահայ գաղութի պատմութեան ու ներկային մասին ծաւալուն ու շահեկան դասախօսութիւն՝ տեսողական առարկաներով:
Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հաւատարմատար Ֆիլիփ Քասնըթ երէկ հրաւիրուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Թուրքիա այս առթիւ դիւանագիտական միջոցներով արտայայտեց իր հակազդեցութիւնը՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ պարագային առնուած վերջին կարգ մը քայլերուն շուրջ։
«Վերջին հսկան չեմ, սակայն ֆրանսական երաժշտութեան առաջին դասականն եմ», յայտնեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր՝ Le Telegramme-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանին մէջ յառաջիկայ Սեպտեմբերին բացուելիք «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսը այժմէն կը զբաղեցնէ հայաշխարհի օրակարգը. նմոյշները պիտի տարուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, Մատենադարանէն եւ Պատմութեան թանգարանէն։

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կը քննարկուին թուայնացման նիւթեր:
ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ յայտարարեց, որ 2019 թուականի ընտրութիւններուն իր կուսակցութիւնը թեկնածու մը պիտի չառաջադրէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար։ Այսպէս, ՄՀՓ պիտի պաշտպանէ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի թեկնածութիւնը։
Թրքական դիւանագիտութեան յայտնի դէմքերէն վաստակաւոր դեսպան Էօմէր Էնկին Լիւթեմ շաբաթավերջին կըն-քեց իր մահկանացուն։ 85 տարեկան հասակին մահացաւ ան։