Լրահոս

ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ԹԵՀՐԱՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի կողմէ։ Օդակայանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն վերջ Կարապետեան եւ Ճահանկիրի ունեցան առանձնազրոյց մը եւ աւելի վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՕՐՔԵՐ ԱՆՑԱՆ ՍՈՒՐԻԱ

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ 8 Հոկտեմբերի դրութեամբ Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործած են Սուրիոյ տարածքը։ Վերջին օրերուն բանակը Սուրիոյ սահմանին վրայ կ՚իրականացնէր ծաւալուն ռազմափորձեր։ Այդ բոլորէն վերջ Ազատ Սուրիոյ բանակին գործողութիւնները խրախուսելու նպատակով ռմբակոծումներ կատարուեցան դէպի Սուրիա։

ՄԱԼՔՈՎԻՉ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հոլիվուտի առասպելական աստղերէն Ճոն Մալքովիչ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած հինգերորդ միջազգային փառատօնի շրջանակին մէջ տեղի կ՚ունենայ յայտնի արուեստագէտին այցելութիւնը։ Ան հանդէս կու գայ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբին հետ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԹԱՆԿՈՅԻ ՇԱԲԱԹ

Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին միջոցառումներու շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ թանկոյի շաբաթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի մօտ Արժանթինի դեսպան Կոնզար Ուրրիոլապեիտիա խօսեցաւ երկու երկիրներու միջեւ բազմամեայ բարեկամութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ երկկողմանի երկարատեւ եւ կայուն դիւանագիտական յարաբերութիւններուն։

ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցան ոգեկոչման յատկանշական արարողութիւններ։ Անցեալ տարի այս գերեզմանատան մէջ բացուած էր արքունի ճարտարապետներ Պալեաններու յուշադամբանը՝ ստեղծուած անոնց շիրմին հիման վրայ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ եւ «Հայճար»ի ջանքերով կանգնուած այդ կոթողին բացումը կատարուած էր Հոկտեմբերի առաջին Շաբաթ օրը։

Նորին սրբազնութիւնը անհանգիստ է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութիւններէն, մանաւանդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի յայտարարութիւններուն հետեւանքով

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անհանգստութիւն յայտնեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի վերջին հրատարակութիւններուն կապակցութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը մասնաւորապէս անհանգստացած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ նախընթաց օր հեռաձայնով մեր ունեցած հարցազրոյցին բերումով։

Էջեր