ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
Անգարա եւ Թեհրան տարածքաշրջանի դէմ դաւաճանութիւն կը համարեն Հիւսիսային Իրաքի մէջ կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէն:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկուան միօրեայ այցի ընթացքին ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ:
Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը այսօր շփումներ կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Էնտրու Շեֆըր երէկ այցելեց Ստեփանակերտ, ուր Արցախի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան բարձրաստիճան հիւրը տեսակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
Թուրքիա եւ Իրան տարածքաշրջանային իրադրութիւնը կ՚արժեւորեն ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ
Արեւելեան գործընկերութեան Պրիւքսելի գագաթաժողովին ընդառաջ յանձնակատարը այցելեց Երեւան:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը նպատակադրած է սերտօրէն համագործակցիլ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ՝ Սուրիայէ եւ Իրաքէ ներս ահաբեկչական կառոյցներուն հակազդելու համար։ Արաբական թերթի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Լաւրով ըսաւ. «Բոլոր մակարդակներով Անգարայի եւ Թեհրանի հետ Մոսկուայի ամէնօրեայ համագործակցութիւնը կը վկայէ, թէ Թուրքիա եւ Իրան բուռն իմաստով հանգուցային դեր կը խաղան Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադրութեան կայունացման ուղղութեամբ»։
Հ. Յակոբեանի հեղինակութեամբ «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհի մէջ»:
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառը վերջերս ստացաւ արժէքաւոր նուէր մը, որու շնորհիւ յատկանշական նմոյշով մը համալրուեցաւ, ճոխացաւ անոր հաւաքածոն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի Երաժիշտներու միութենէն ներս ի պահ դրուած Կոմիտասի Պոլսոյ բնակարանի (1911-1915) աշխատասենեակի մանրակերտը նուիրաբերուեցաւ թանգարան-կաճառին։