ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԻՄՆՈՒԻ ՔԱՑԱԽԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը կը խրախուսէ քացախի արտադրութեան ներդրումային ծրագրին եւ երեք տարի ժամկէտով կը նախատեսէ յետաձգել «ԱՆԴ» ՍՊԸ-ի կողմէ ապրանքներու ներմուծման աւելցած արժէքի հարկի գումարներու վճարման ժամկէտը։
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի շղթային վրայ աւելցաւ նոր օղակ մը՝ Սեւան Տէյիրմենճեանի պատրաստութիւնով եւ Վաչէ Ղազարեանի յառաջաբանով:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շաբաթ պիտի տեսակցին Ժընեւի մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմէն ներս Նիսի տագնապին վերաբերեալ վերջին օրերուն տեղի ունեցան նոր իրադարձութիւններ։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Նիսի ծուխէն ներս վերամիաւորման համար առնուած է կարեւոր որոշում մը։
Արամ Խաչատուրեանի հինգերորդ փառատօն՝ ձօնուած Այվազովսքիի 200-ամեակին:
Երեւանի եւ Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպուած Սփիւռքի հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համաժողովը եզրափակուեցաւ՝ առիթ հանդիսանալով աշխարհի զանազան երկիրներէ հայ գրողներու, թարգմանիչներու եւ գրականագէտներու Հայաստանի մէջ համախմբման։
Լոնտոնէն ժամանած արուեստաբան Եոլանտ Քրոյին համաձայն, հայկական յախճապակին իւրայատուկ է։