ՊԷՅԼԻՔՏԻՒԶԻՒԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԱՆԿՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՈՒՂՂԱԹԻՌ ՄԸ
Իսթանպուլի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ օդային արկած մը։ Այսպէս, Պէյլիքտիւզիւի մօտակայքին անկում կրեց ուղղաթիռ մը։ Դէպքը պատահեցաւ՝ ուղղաթիռի աշտարակի մը բախուելուն հետեւանքով։ Հրշէջ այդ ուղղաթիռը ինկաւ TÜYAP-ի Պէյլիքտիւզիւի ընդարձակ համալիրի մերձակայքին։