Լրահոս
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՌԱՆԴ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը խրախուսելու նախաձեռնութիւն:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան տեսակցեցաւ Երեւանէն եկած նոր սերունդէ գործիչներուն հետ:
ԳԱՅԻԱՆԷ ՊՐԷԻՈՎԱՅԻ ԽՈՀԱՐԱՐԱԿԱՆ ԳԻՐՔԸ
Գայիանէ Պրէիովայի «Խոհանոց Գայիանէ-ճան» գիրքը ընդգրկուած է համաշխարհային խոհարարական գիրքերու հեղինակաւոր «Gourmand 2017» մրցոյթի ցուցակին մէջ: Խոհարարական գիրքերու Gourmand մրցոյթը կ՚իրականացուի քսաներկու տարիէ ի վեր՝ խոհարարական աշխարհի մէջ համարուելով «Օսքար» մրցանակաբաշխութիւն։
ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ առայժմ նոր հանդիպում մը չէ նախատեսուած:
Ըստ Նալպանտեանի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն տարածքաշրջանային այցի թուականն ալ յստակ չէ:
ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԹՐԱՄՓԻ ՀԵՏ
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Ուաշինկթըն, Սպիտակ տան մէջ տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Մայք Փենս, որու հետ առանձին ալ հանդիպած է Քվիրիքաշվիլի։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, վրացի վարչապետի շփումներուն ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն վերաբերեալ հարցեր։
ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳԻՒՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Գիտական եւ ճարտարարուեստի բնագաւառներուն մէջ օգտակար հանդիսանալ Հայաստանի համար:
«Լեզուի պահպանումը ամենէն դժուար հարցերէն մին է, անկեղծօրէն ըսեմ՝ հայախօսութեան ապագային համար լաւատես չեմ»:
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԵՌԱՏՕՆ
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ կը նշուի Շուշիի ազատագրման 25-ամեայ յոբելեանը:
Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում»:
ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ու Սպիտակ տան մէջ կը հիւրընկալուի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Մայք Փենսի կողմէ։ Ան հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ։
ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Կիրակի, Մայիս 7-ին, յայտարարեցին, թէ ձերբակալուած է զինուորներէ եւ քաղաքացիներէ բաղկացած խումբ մը, որ կ՚ամբաստանուի Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ համագործակցելու մեղադրանքով: Ըստ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին, պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն՝ խումբը իբրեւ թէ սադրանքներ ծրագրած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Թերթեր շրջանի բնակավայրերուն դէմ:
ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փոխ-նախարարի խօսքերով՝ Հայաստան այսօր ալ պատրաստ է կեանքի կոչելու Թուրքիոյ հետ Զիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները:
Շաւարշ Քոչարեան. «Եթէ Ռուսաստան փափաք ունենայ օգտագործել իր ազդեցութիւնը Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար՝ լաւ կ՚ըլլայ»: