ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏԷՍ-ՈՒՂԵՑՈՅՑԸ
Լոյս տեսած է Սիւնիքի մարզի պատմական յուշարձաններու քարտէս-ուղեցոյցը, որ հնարաւորութիւն կու տայ զբօսաշրջիկներուն իրազեկուիլ եւ ծանօթանալ Սիւնիք աշխարհի պատմական յուշարձաններուն: «Հոգիի պարտք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Շողինէ Յովհաննիսեանի խօսքով՝ 2012 թուականին տպագրուած էր Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու, իսկ 2015 թուականին՝ Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մարզերու պատմական յուշարձաններու քարտէս-ուղեցոյցները:
Հայաստանի մէջ «Ամառնային ընթերցանութիւն» մանկապատանեկան գիրքերու փոխանակման ամենամեայ ծրագրի նպատակն է գիրքերը աւելի մատչելի ու սիրելի դարձնել երախաներուն: Այս տարի ծրագրի շրջանակներէն ներս ընդգրկուած են չորս նոր գիրքեր:
Ճաբոնի մէջ շուրջ 300 հազար բնակիչներ իշխանութիւններէն յանձնարարութիւն ստացած են պատսպարուիլ տարհանման կեդրոններէ ներս յորդառատ անձրեւներու սպառնալիքի պատճառով, որոնք կը մոլեգնին երկրի արեւմտեան եւ կեդրոնական շրջաններուն մէջ: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, այդ մասին նոր կարգադրութիւնները այսօր տարածած են Համանացու քաղաքի իշխանութիւնները:
Թուրքիա եւ Յունաստան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը քննարկեն իրենց օրակարգի բոլոր առկայ հարցերու լուծման հեռանկարները:
«Տաշիր» հոլտինկի ռուսահայ սեփականատիրոջ զբօսանաւը այս օրերուն խարսխած է Պոտրումի մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի համանախագահները աւարտեցին իրենց հերթական ուղեւորութիւնը՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Միջնորդները, որոնք նախորդ շաբաթավերջին այցելած էին Հայաստան եւ Արցախ, երէկ ալ Պաքուի մէջ տեսակցեցան Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Տարբերակումը բացառիկ հնարաւորութիւն՝ գործընկերութեան ամբողջականութեան:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակեպուած է «Արի տուն» ծրագիրը։ Երէկ, Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը սկսաւ «Արի տուն-2017» ծրագիրը։