ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ. «ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏ Է՝ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ»
Անգարա կը շարունակէ խրախուսական արտայայտութիւններով հանդէս գալ Հարաւային Կովկասի ապագային համար։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը մօտ է՝ աւելի քան երբեք։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Ատրպէյճան եւ Հայաստան չմսխեն այս պատմական հնարաւորութիւնը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան երկու հարեւան երկիրներու համատեղ օրակարգին վերաբերեալ նիւթերու։
Ռիոյի մէջ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովին արձագանգները կը շարունակուին։ Պրազիլիոյ հիւրընկալմամբ, աշխարհի յառաջատար երկիրներու՝ այսինքն մեծագոյն տնտեսութիւններու ղեկավարները ծաւալեցին բազմակողմանի քննարկումներ, որոնք կեդրոնացան երկրագունդի հրատապ օրակարգին՝ կլիմայի փոփոխութեան, սովի վտանգաւոր հեռանկարներուն եւ այլ յարակից հարցերուն շուրջ։
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան կարեւոր նախաձեռնութիւնը:
Հաղորդակցութեան նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ աշխուժօրէն կ՚աշխատի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման հարցին մէջ։
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ վերջին շրջանին առաջնահերթութիւն դարձած է Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Անգարա-Ուաշինկթըն բարձր մակարդակի բոլոր շփումներէն վերջ կը յայտարարուի, որ տարածաշրջանը ուշադրութեան կիզակէտին գտնուած է։
Պաքուի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները միշտ արծարծուած կը պահեն «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդիրը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Էմիրպէյով յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի նախագիծը Պաքուի կողմէ կը համարուի բոլոր կողմերուն համար շահաւէտ։
Արարատ Միրզոյեան եւ Աննալենա Պերպոք կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանի վիճակին շուրջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կ՚այցելէ Հնդկաստան. պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ