Թաւջութակահար Հախնազարեանի Ելոյթը
Կիրակի, Յունուար 29-ին, Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի համերգասրահին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ մրցանակակիր թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան, համալսարանին կողմէ կազմակերպուող Ֆիլիփ Լորենզի յիշատակի համերգներուն ծիրէն ներս:
Ամերիկահայ նշանաւոր գեղանկարչուհի եւ «Սիրուն տառեր» ստեղծագործութեան հեղինակ Սիրուն Երէցեան վերջերս Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեանի ձեռամբ ստացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանը՝ հայկական մանրանկարչական արուեստին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին համար:
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ ներկայիս կ՚ապրուին կարեւոր իրադարձութիւններ։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան Նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիս միջոցէ մը ի վեր արդէն կը ծաւալէին խտացեալ աշխատանք։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արհեստավարժ բռնցքամարտի աստղերէն Արթուր Աբրահամի հետ, որ WBO վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեանն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հայազգի մարզիկը Հռոմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց իր ձեռնոցները ու պատմեց մարզական աշխարհէ ներս տարած գործունէութեան մասին։

«Փորթագալ» գեղարուեստի տունը Թուրքիոյ մէջ պիտի իրականացնէ առաջին լուռ աճուրդը: