ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ
Հաքքեարիի Եիւքսէքովա գաւառակին մէջ երէկ նահատակուեցան Թուրք զինեալ ուժերէն երեք զինուորներ, ինչ որ խոր ցաւ յառաջացուց ամբողջ երկրին մէջ։ Հիսարտաղըի եւ Տաղլըճայի շրջաններէն ներս երէկ ժամը շուրջ 14.00-ին բախում մը ծագեցաւ անվտանգութեան ուժերուն եւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամներուն միջեւ։