Գառնիի Մէջ Ճոպանուղի Կառուցում
Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ Գառնիի մէջ ճոպանուղի կառուցել: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուած է Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան։ Ան նշած է, որ իրենք շուրջ 180 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիրներ պիտի իրականացնեն:

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ վաւերացուց՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ օրէնքը։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւէր Պեշթեփէի վաւերացման եւ այսպէսով Էրտողան արդէն վերջնական հաւանութիւնը տուաւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան։
Պապայեան. «Արտառոց պիտի ըլլար, եթէ Ատրպէյճան հրադադարը չխախտէր»:
Ռուսական ռազմաօդանաւ մը թիւրիմացութեամբ ռմբակոծեց շէնք մը, ուր կը գտնուէին թուրք զինուորներ. 3 նահատակ:
Ֆրանսուա Օլանտ յաջորդ ամիս պաշտօնական այցով Փարիզ հրաւիրած է Սերժ Սարգսեանը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը համար այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Տարեմուտի դրութեամբ պաշտօնի կոչուած ընդհանուր քարտուղարը առաջին անգամ կը հիւրընկալուի Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ։